07 Mart 2017
ՊՈԼԻՍ, «Արեւելք».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեան Պոլսոյ «Ակօս» թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի պաշտօնին ընտրուելու համար, թէեւ ինքն ու պատրիարքի ներկայ փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը նոյնպէս իրաւունքներ ունին, սակայն ներկայ փուլին, այդ պաշտօնին համար ամենայարմար թեկնածուն գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանն է:
Նշենք, որ Փետրուար 23-24ին էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին որոշուած է Մարտ 15ին դադրեցնել Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի լիազօրութիւնները եւ ընտրել պատրիարքի տեղապահ եւ վերջինիս գլխաւորութեամբ հետամուտ ըլլալ պատրիարքի ընտրութիւններու նախապատրաստման ու իրականացման:
«Ես՝ որպէս տեղապահ, կը տեսնեմ եւ կ՛առաջարկեմ Գարեգին արք. Պէքճեանը, որ իր խաղաղասէր բնոյթով եւ տարիներու առաջնորդական փորձառութեամբ կարողութիւնը ունի կարգաւորելու այս լարուած իրավիճակը», ըսած է Մաշալեան սրբազանը: