06 Mart 2017
Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան առաջին խորհրդական Վարդան Կարապետեան:
Հիւրերը շրջեցան Անթիլիասի մայրավանքի զանազան բաժանմունքները եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը եւ մօտէն ծանօթացան թէ՛ կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ դպրեվանքի առաքելութեան: Անոնք իրենց երկօրեայ կեցութեան ընթացքին այցելեցին մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը եւ «Թռչնոց բոյն»-ի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը:
Արամ Ա. կաթողիկոսին առաջարկով, թանգարաններու մասնագէտ Վարդան Կարապետեան մօտէն ուսումնասիրեց երկու թանգարանները` իրենց զանազան երեսներով, ապա իր արժեւորումն ու թելադրութիւնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին: