Դամասկոս. Ղովմի Կուսակցութեան Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչը Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

06 Mart 2017  

Դամասկոս. Ղովմի Կուսակցութեան Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչը Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտ -

Դամասկոս. Ղովմի Կուսակցութեան Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչը Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտ Դամասկոս. Ղովմի Կուսակցութեան Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչը Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

Հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին ընթացքին, Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ բժիշկ Սամիր Հաժժար անդրադարձաւ Սուրիոյ հողերուն վրայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն:

Բժիշկ Հաժժար շեշտեց, որ նման ոճիրները դատապարտելու իմաստով ցուցաբերուած միջազգային թուլութիւնը, ինչպէս նաեւ յանցագործները հաշուետուութեան չենթարկելը առիթ տուած են, որ այդ ոճիրները կրկնուին նոյն դահիճին եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած եւ զինուած ահաբեկիչներու կողմէ` սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ:

Կանխամտածուած այդ ոճիրները կ՛ընդարձակուին, ու Թուրքիա տակաւին կը մնայ բոլոր ժողովուրդներուն դէմ ծայրայեղական միտք եւ յարձակողական միտումներ դրսեւորողը:

Սուրիական հողերուն վրայ 1894-էն ի վեր մէկուկէս միլիոն հայերու դէմ իրականացուած է ցեղասպանութիւն, 1914-1918-ին 750 հազար ասորիներու դէմ Սէյֆոյի ջարդերը եւ 200 հազար սուրիացիներ ջարդուած են 1516-ին Հալէպի մէջ: Իսկ 2011-ին հազարաւոր սուրիացիներու դէմ գործադրուեցան նոյն ոճիրները:

«Մարդկային դիտանկիւնէն եւ միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն կը դիմենք` հաստատելով, որ պատմականօրէն օսմանցիներուն կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան ծրագիրը կը շարունակուի նոր-օսմանական կառավարութեան ձեռքով եւ մինչեւ օրս կ՛ընդգրկէ թուրանական միտքը:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ աւելի քան 24 պետութեան կողմէ եւ որակուեցաւ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Աւելի նպատակայարմար է, որ Սուրիոյ խորհրդարանը դատապարտէ այդ ջարդերն ու ցեղասպանութիւնը, որոնք գործուեցան սուրիական հողերուն վրայ», յայտարարեց երեսփոխան բժիշկ Սամիր Հաժժար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+