06 Mart 2017
Եւրոպական խորհուրդի մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Եւրոպական խորհուրդը մինչեւ 30 յունիս 2018 երկարաձգած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերի պաշտօնավարութիւնը: Խորհուրդը Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնավարման առնչուող ծախսերուն համար տրամադրած է 2,99 միլիոն եւրօ:
«Պաշտօնավարութեան նպատակն է զարգացնել Եւրոպական Միութեան երկխօսութիւնը շրջանի հիմնական քաղաքական դերակատարներուն, կառավարութիւններուն, խորհրդարաններուն, դատական համակարգերուն եւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն հետ», ընդգծուած է խորհուրդի որոշումին մէջ: