Գերմանիա Կ’արգիլէ Թուրք Նախարարներու Մասնակցութեամբ Հաւաքներու Կազմակերպումը» Կ’ըսէ Քուրթուլմուշ - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

06 Mart 2017  

Գերմանիա Կ’արգիլէ Թուրք Նախարարներու Մասնակցութեամբ Հաւաքներու Կազմակերպումը» Կ’ըսէ Քուրթուլմուշ -

Գերմանիա Կ’արգիլէ Թուրք Նախարարներու Մասնակցութեամբ Հաւաքներու Կազմակերպումը» Կ’ըսէ Քուրթուլմուշ Գերմանիա Կ’արգիլէ Թուրք Նախարարներու Մասնակցութեամբ Հաւաքներու Կազմակերպումը» Կ’ըսէ Քուրթուլմուշ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Նուման Քուրթուլմուշ քննադատեց, իր կարծիքով Գերմանիոյ քաղաքականութեան մէջ տիրապետող երկակի չափանիշները, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Գերմանիոյ մէջ թուրքերու մասնակցութեամբ հաւաքներու կազմակերպման արտօնումը եւ նոյն ատեն իր հողերուն վրայ երկու թուրք նախարարներու մասնակցութեամբ հաւաքներու կազմակերպման արգիլումը:

Քուրթուլմուշ «Հրատարակիչներու եւ լրագրողներու ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Գերմանիոյ կողմէ թուրք պետական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ հաւաքներու կազմակերպման արգիլումը «աղէտալի» է:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը գնահատեց Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախկին ղեկավար Տենիզ Պայքալի Գերմանիա այցելութիւնը ջնջելը եւ զայն նկատեց ճիշդ որոշում մը:

Քուրթուլմուշ նաեւ անդրադարձաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի` Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ հանդիպումին` զայն նկատելով «ժողովրդավարութեան հակադրուող եւ յեղաշրջումի հեղինակներուն զօրակցող գերմանական կեցուածքներուն շարունակութիւնը»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+