Եըլտըրըմ. «Մընպեժի Վրայ Սուրիական Բանակի - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

06 Mart 2017  

Եըլտըրըմ. «Մընպեժի Վրայ Սուրիական Բանակի -

Եըլտըրըմ. «Մընպեժի Վրայ Սուրիական Բանակի Եըլտըրըմ. «Մընպեժի Վրայ Սուրիական Բանակի

Մընպեժի վրայ սուրիական բանակի վերահսկողութեան հաստատման դէմ չենք», յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ` նշելով. «Սուրիական հողերը պէտք է պատկանին սուրիացիներուն եւ անոնց վերահսկողութեան տակ ըլլան»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական բանակին «Եփրատի վահան» գործողութեան յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ Մընպեժ քաղաքը եւ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն կոչ ուղղած էր հեռանալու քաղաքէն:

Մինչ այդ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող Մընպեժի զինուորական խորհուրդի ղեկավար Ահմետ Մոհամետ «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ խորհուրդի զինեալները «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակից ուժերէն 14 զինուորներ սպաննած են, երբ վերջիններս մօտեցած են քաղաքին արեւմուտքը գտնուող գիւղերուն` աւելցնելով, որ երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումները կը շարունակուին:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յաջողած են վերատիրանալ Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մընպեժէն արեւմուտք գտնուող Ժապլէ Համրա գիւղին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+