Էրտողան Գերմանիոյ Մէջ Թրքական Հաւաքներու Արգելքը Համեմատած Է Նացիներու Գործողութիւններուն Հետ - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Բաւական

Gündem :

06 Mart 2017  

Էրտողան Գերմանիոյ Մէջ Թրքական Հաւաքներու Արգելքը Համեմատած Է Նացիներու Գործողութիւններուն Հետ -

Էրտողան Գերմանիոյ Մէջ Թրքական Հաւաքներու Արգելքը Համեմատած Է Նացիներու Գործողութիւններուն Հետ Էրտողան Գերմանիոյ Մէջ Թրքական Հաւաքներու Արգելքը Համեմատած Է Նացիներու Գործողութիւններուն Հետ

Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտած է իր երկրի արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի եւ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճիի մասնակցութեամբ Եւրոպայի թուրք ժողովրդավարներու միութեան ձեռնարկը չեղեալ յայտարարելու Գերմանիոյ իշխանութիւններուն որոշումը:

«Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը խոչընդոտեն թուրք քաղաքական գործիչներու ելոյթը: Արդեօք Պերլինի մէջ կը կարծե՞ն, թէ այդպիսի մեթոտներով անոնք պիտի կարենան ազդել Թուրքիոյ մէջ 16 ապրիլին նախատեսուած սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքներուն վրայ», նշած է ան:

Էրտողան ընդգծած է, որ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն դիրքորոշումը ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն չի համապատասխաներ:

«Անոնց ներկայ գործողութիւնները ոչինչով տարբեր են նացիներու գործելաոճէն», աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հոլանտայի իշխանութիւնները իրենց կարգին չեն արտօնած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` տեղւոյն թուրք համայնքին հետ սպասուած հանդիպում¬հանրահաւաքը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+