06 Mart 2017
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտած է իր երկրի արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի եւ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճիի մասնակցութեամբ Եւրոպայի թուրք ժողովրդավարներու միութեան ձեռնարկը չեղեալ յայտարարելու Գերմանիոյ իշխանութիւններուն որոշումը:
«Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը խոչընդոտեն թուրք քաղաքական գործիչներու ելոյթը: Արդեօք Պերլինի մէջ կը կարծե՞ն, թէ այդպիսի մեթոտներով անոնք պիտի կարենան ազդել Թուրքիոյ մէջ 16 ապրիլին նախատեսուած սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքներուն վրայ», նշած է ան:
Էրտողան ընդգծած է, որ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն դիրքորոշումը ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն չի համապատասխաներ:
«Անոնց ներկայ գործողութիւնները ոչինչով տարբեր են նացիներու գործելաոճէն», աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հոլանտայի իշխանութիւնները իրենց կարգին չեն արտօնած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` տեղւոյն թուրք համայնքին հետ սպասուած հանդիպում¬հանրահաւաքը: