06 Mart 2017
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հաստատեց, որ Սուրիոյ օդուժին պատկանող օդանաւ մը կործանուած է Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ:
«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, հաղորդեց, որ Ահրար Շամ արմատական խմբաւորման զինեալները յայտարարած են, թէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը վար առած են սուրիական օդուժի «Միկ-21»-ը: Կը նշուի, որ օդաչուն անկարգելով էջք կատարած է Թուրքիոյ տարածքին մէջ:
«Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ ջախջախուած պատերազմական օդանաւը սուրիական է», ըսած է վարչապետը, ըստ որուն, վար առնուած կործանիչը ոչ թէ «Միկ-21» է, այլ` «Միկ-23»:
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ թրքական իշխանութիւնները գտած են ջախջախուած օդանաւին սուրիացի օդաչուն, որ վիրաւոր է: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ օդանաւը Թուրքիոյ սահմանին մօտ հետախուզական առաքելութիւն կը կատարէր, երբ անոր հետ կապը խզուած է: