06 Mart 2017
Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ 3 մարտին տեղի ունեցած է Լա Հէյի թուրք-ազրպէյճանական մշակութային միութեան նախագահ Իլհամ Աշքինի դատավարութիւնը:
Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութենէն յայտնած են, որ Աշքին կը մեղադրուի հայերուն դէմ բռնութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու մէջ, քանի որ ան Ալմելօ քաղաքին մէջ` Մեծ եղեռնի յուշահամալիրին դիմաց կազմակերպուած թրքական հանրահաւաքին ընթացքին ըսած է. «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը»:
1 յունիս 2014-ին, Ալմելոյի մէջ տեղի ունեցած էր հանրահաւաք, որուն հիմնականին մէջ մասնակցած են թուրքեր, եւ որ ուղղուած էր Ալմելոյի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հողատարածքին վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին դէմ: Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները, մասնաւորապէս Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւնը եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը, գանգատ ներկայացուցած էին հանրահաւաքին ընթացքին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն դէմ:
Երկու ժամ տեւած դատական նիստին ներկայ էին բազմաթիւ հայեր եւ թուրքեր, ինչպէս նաեւ հոլանտական, հայկական եւ թրքական լրատուամիջոցներու թղթակիցներ: Դատավարութեան ընթացքին ցուցադրուած է ցոյցին տեսահոլովակը, ուր Իլհամ Աշքին քանի մը անգամ կը յայտարարէ. «Ղարաբաղը պիտի ըլլայ հայերուն գերեզմանը», իսկ հաւաքուածները կը կրկնէին այդ արտայայտութիւնը:
Աշքին դատարան ներկայացած է իր փաստաբանին` Պալասանի հետ եւ պատասխանած է դատաւորին ու դատախազին հարցումներուն: Ան յայտարարած է, որ ոչ մէկ յանցանք գործած է, քանի որ իր արտայայտութիւնը կը վերաբերէր շրջանի մը, ուր ներկայիս կացութիւնը այնպէս է, որ կրնայ ըլլալ պատերազմ բռնկի, եւ արիւնահեղութիւն ըլլայ: Ան համոզուած է, որ որեւէ սխալ չէ գործած: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը զղջա՞յ իր կատարած արարքին համար եւ կը փափաքի՞ ափսոսանք յայտնել, ան հաստատած է, որ իր տեսակէտը չէ փոխուած:
Դատախազը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է դատին քննութեան ընթացքը եւ դատախազութեան պահանջներուն հիմնաւորումները: Ան պահանջած է մեղադրեալը պատժել 80 ժամ պարտադիր աշխատանքով եւ երկու շաբաթ պայմանական ազատազրկումով` երկու տարի փորձառական ժամկէտի պայմանով: Ասիկա պիտի ըլլայ խիստ ազդանշան մը` անոր ուղղուած: Դատախազութեան պահանջը նկատի կ՛առնէ նաեւ այն փաստը, որ Աշքին տեղի ունեցածին նկատմամբ չէ ցուցաբերած «խոր ըմբռնում, եւ գոյութիւն ունի յանցանքը կրկնելու վտանգ»:
Դատավճիռը պիտի հրապարակուի 17 մարտ 2017-ին: