06 Mart 2017
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ազգային եւ շրջանային ղեկավարութեան ներկայացուցիչները այս շաբթուան ընթացքին հանդիպումներու շարք մը ունեցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու եւ քոնկրեսականներու հետ` նոր վարչակազմին եւ Քոնկրեսին մօտ ջատագովելու համար ամերիկահայութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները:
Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, իսկ անոր մաս կը կազմէին` Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Քեն Խաչիկեան, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Րաֆֆի Գարագաշեան:
Խորհրդակցութեան նիւթ եղած են Արցախի Հանրապետութեան ազատութեան եւ անկախութեան երաշխաւորումը, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու արդարութեան ապահովումը եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապահովութեան երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ` անոնց անմիջական աջակցութեան ապահովումը: Քննուած են նաեւ 21 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու մէջ ցուցադրուելու սկսող եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ժապաւէնին համար առաւելագոյն տարածում ապահովելու միտող ջանքերը:
«Իշխանափոխութեան այս կարեւոր ժամանակաշրջանին կենսական է, որ մեր համայնքը առաւելագոյն քաղաքական աշխուժութիւն ցուցաբերէ` ընդարձակելու համար մեր գործակիցներուն շրջանակը», յայտնած է Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան:
«Տեղական, նահանգային եւ ազգային մակարդակներու վրայ արդէն իսկ աշխատանք սկսած է երկու կուսակցութիւններուն հետ համագործակցաբար` ամերիկահայութեան առաջնահերթութիւնները յառաջ մղելու գծով, որպէսզի անոնք կարենան ապահովել հզօր Հայաստան, ազատ Արցախ եւ Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցում», աւելցուցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպումներ տեղի ունեցած են հետեւեալ պաշտօնատարներուն հետ` Պրիճիթ Պրինք (նախարարի օգնականի տեղակալ, որ Կովկասի հարցերու պատասխանատուն է), Մարք Լիպի (նախարարի օգնականի ժամանակաւոր տեղակալ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան պատասխանատուն է):
Իսկ Քոնկրեսին մէջ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է հետեւեալ քոնկրեսականներուն հետ` Էտ Մարք (Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ), Էտ Ռոյս եւ Էլիըթ Էնկըլ (յաջորդաբար` Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ եւ անդամ), Էտըմ Շիֆ (Ներկայացուցիչներու տան գաղտնի սպասարկութեանց հարցերով յատուկ յանձնախումբի անդամ ), Պրետ Շըրմըն (Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Ասիոյ եւ Խաղաղականի հարցերով ենթայանձնախումբի անդամ) եւ Քերըն Պես (Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Ափրիկէի եւ մարդկային իրաւանց հարցերով ենթայանձնախումբի անդամ):
Խորհրդակցութիւններ կատարուած են նաեւ Քոնկրեսի հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոնի, Ճեքի Սփիրի, Տէյվիտ Թրաթի եւ Տէյվիտ Վալատաուի հետ, ինչպէս նաեւ` քոնկրեսականներ Ճեֆ Ֆորփընպերիի եւ Աննա Էշուի հետ:
Նաեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Քրիստոնեաներու պաշտպանութիւն կազմակերպութեան նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի եւ նոյն կազմակերպութեան այլ ղեկավարներու հետ` քննելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ներկայ իրավիճակը: