03 Mart 2017
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահ, Տ. Սահակ եպս․ Մաշալեան Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի պաշտօնին ընտրուելու համար թէեւ ինքն ու պատրիարքի փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան նոյնպէս իրաւունքներ ունին, սակայն ըստ Մաշալեանի` ներկայ փուլին այդ պաշտօնին համար ամենայարմար թեկնածուն գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Գարեգին Բեկչեանն է:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 23-24-ին էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին որոշուած է Մարտ 15-ին դադրեցնել Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի լիազօրութիւններն ու ընտրել պատրիարքի տեղապահ եւ վերջինիս գլխաւորութեամբ հետամուտ ըլլալ պատրիարքի ընտրութիւններու նախապատրաստման ու իրականացման:
«Ես` որպէս տեղապահ, կը տեսնեմ եւ կ՛առաջարկեմ արքեպիսկոպոս Բեկչեանը, որ իր խաղաղասէր բնոյթով եւ տարիներու առաջնորդական փորձով ունակ է կարգաւորելու այս լարուած իրավիճակը», – ըսած է Մաշալեան: