03 Mart 2017
Այդողան-ԹոփալՀամշէնահայ երաժիշտ եւ երգիչ Այտողան Թօփալը թողարկած է իր նոր` «Քուզէյ» («Հիւսիս»-Tert.am) ձայնասկաւառակը: Սա համշենցի երգիչին արդէն երկրորդ ձայնասկաւառակն է:
ինչպէս կը յայտնէ թրքական «Օնճէ վաթան» պարբերականը, ձայնասկաւառակին մէջ ամփոփուած են 13 երգեր, որոնցմէ 11-ը Թօփալի գրած ստեղծագործութիւններն են:
Պարբերականին հետ զրոյցին Թօփալը պատմած է, որ ալպոմը ստեղծուած է ամբողջովին «սեւծովեան» բանահիւսութեան մէջ, օգտագործուած են համշէնական եւ պոնտոսեան երաժշտական գործիքներ, կան երգեր համշէնահայերէնով, լազերէնով եւ թրքերէնով: Ալպոմի անուանումը` «Հիւսիս» նոյնպէս կապուած է հայրենի Համշէնի հետ, քանի որ անիկա կը գտնուի Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը:
Ի դէպ, Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէսի վրայ կարելի է գտնել Հեմշին թրքերէն անուամբ։ Համշէնէն աւելի արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիներու եւս մէկ բնակավայր` Չամլըհեմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն):