03 Mart 2017
Թուրքիան ռազմակայաններ կը հիմնէ Սուրիոյ շարք մը շրջաններու մէջ: Ըստ թրքական «Sputniknews» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութեան` այդ մասին յայտարարած է Սուրիոյ քրտական ուժերուն մօտ կանգնած «Ժողովրդավարական Սուիրոյ խորհրդարան» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեզան Հիտտոն:
Վերջինիս պնդումով` նշեալ ռազմակայաններէն որոշներ ստեղծուած են, երբ Թուրքիոյ զինուժը Սուրիոյ տարածքին սկսաւ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը:
«Դուք ալ գիտէք, որ մենք Ալ Պապ չենք երթար, քանի որ հոն Թուրքիան է եւ Սուրիոյ Ազատ բանակը: Ալ Պապի եւ յարակից վայրերուն մէջ բնակող մարդիկ որոշ տեղեկութիւններ հաղորդած են մեզի: Այդ տեղեկութիւններուն համաձայն` Թուրքիան Աքիլ Սարի(կը գտնուի Պապի մօտ-խմբ.) եւ Ազազի մօտ ռազմակայաններ կը հիմնէ։
Ըստ Հիտտոյին` այդ ռազմակայաններուն ստեղծումը երբեք ուղղուած չէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
«Թուրքիան շարունակ կը խօսի «Missak-I Milli» (Ազգային ուխտի) սահմաններուն մասին: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անձամբ խօսեցաւ ատոր մասին: Թուրքիան կը ցանկայ իրեն միացնել Հալէպի, Ճերապլուսի եւ Շեհպայի շրջանները: Սա է Թուրքիոյ ծրագիրը»:
Յիշեցնենք, որ «Ազգային ուխտ»-ը ընդունած է Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանը 1920-ի Յունուար 28-ին` քեմալականներու ճնշումով: Ազգային ուխտի սկզբունքները մշակուած էին քեմալականներու` 1919-ի Սեպտեմբերին Սեբաստիոյ մէջ (Սվազում) կայացած համաժողովին: Ատոր նպատակն էր «ազգային սահման»-ի սկզբունքը, որ կը պահանջէր Թուրքիոյ տարածք ճանչնալ այն բոլոր հողերը, որոնք Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ էին Մուտրոսի զինադադարի (1918) կնքման պահուն` առանց արաբական երկիրներուն: «Ազգային ուխտ»-ը կ՛ոտնահարէր թրքական լուծին տակ գտնուող ժողովուրդներու` յոյներու, քիւրտերու, ասորիներու եւ այլոց կենսական շահերը, սակայն ամենամեծ հարուածը կը հասցնէր հայ ժողովուրդին, բացառելով միացեալ եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումը Փոքր Ասիոյ արեւելքը: