Վենետիկեան Յանձնախումբ. «Թուրքիոյ Սահմանադրական Հանրաքուէն Պէտք Է Յետաձգուի Մինչեւ Արտակարգ Դրութեան Աւարտ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

03 Mart 2017  

Վենետիկեան Յանձնախումբ. «Թուրքիոյ Սահմանադրական Հանրաքուէն Պէտք Է Յետաձգուի Մինչեւ Արտակարգ Դրութեան Աւարտ -

Վենետիկեան Յանձնախումբ. «Թուրքիոյ Սահմանադրական Հանրաքուէն Պէտք Է Յետաձգուի Մինչեւ Արտակարգ Դրութեան Աւարտ Վենետիկեան Յանձնախումբ. «Թուրքիոյ Սահմանադրական Հանրաքուէն Պէտք Է Յետաձգուի Մինչեւ Արտակարգ Դրութեան Աւարտը»

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի սահմանադրական օրէնքի փորձագէտները` Վենետիկի յանձնախումբը պատրաստած է Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ զեկուցում մը, որուն մէջ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ բռնատիրական վարչակարգի հաստատման կապակցութեամբ:

Գերմանական «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած Վենետիկեան յանձնախումբի զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ «ժողովրդավարական համակարգը ողբերգական կերպով յետընթաց արձանագրած է, իսկ մենատիրական, մէկ մարդու վարչակարգը կը շարունակուի»: Բացի ատկէ, յանձնախումբին անդամները յայտնած են, որ Թուրքիոյ մէջ կը բացակային բոլոր մեքանիզմները, որոնք անհրաժեշտ են մենատիրական վարչակարգը կանխարգիլելու համար:

Վենետիկեան յանձնախումբը արձանագրած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուող սահմանադրական փոփոխութիւններով դատական համակարգը, որ առանց այդ ալ կորսնցուցած է իր ուժը, նախագահական համակարգի հաստատուելէն ետք ամբողջութեամբ պիտի կորսնցնէ իր անկախութիւնը: Յանձնախումբը քննադատած է նաեւ այն, որ Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւնները պիտի կատարուին ձախողած յեղաշրջման փորձէն ետք յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ:

Յանձնախումբը Անգարային կոչ ուղղած է յետաձգելու սահմանադրական հանրաքուէն, այնքան ատեն որ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է:

Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէն նախատեսուած է 16 ապրիլին





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+