02 Mart 2017
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդիպած են Փաքիստանի մէջ ընթացող «տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւն» 13-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:
Վկայակոչելով թրքական «f5haber» լրատուական կայքը՝ Ermenihaber.am կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպման ժամանակ անդրադարձ եղած է նաեւ արցախեան հարցին:
էրտողանը՝ խօսելով ղարաբաղեան խնդիրին մասին՝ նշած է, որ չնայած գագաթնաժողովը կը վերաբերի տնտեսական համագործակցութեան, բայց հնարաւոր չէ քաղաքականութիւնը անտեսել:
Ըստ Էրտողանի` Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ 20 տարիէն աւելի ընթացող բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած:
Թուրքիոյ նախագահը պնդած է, որ այս հարցով ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնները պէտք է վճռական քայլեր ձեռնարկեն եւ միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ բարձրաձայնեն Հայաստանի քաղաքականութեան մասին: