02 Mart 2017
Փետրուար 28-ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին փոխատենապետ Սարգիս Չոլաքեան, ատենադպիր Սարգիս Գոթունեան, վարչութեան անդամ Գէորգ Գատոյեան:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց կազմակերպութեան հայանպաստ, ազգանուէր գործունէութիւնը եւ նշեց, որ Իրաքի պատերազմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ կազմակերպութեան վրայ կը դրուի նաեւ համայնք-պետութիւն փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման առաքելութիւնը:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքի համար: Անոնք նախարարին ներկայացուցին կազմակերպութեան, եկեղեցւոյ, համայնքային այլ կառոյցներու իրականացուցած աշխատանքները, պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի սերտօրէն համագործակցելու նախարարութեան հետ, աւելի աշխուժօրէն մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն: Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետը նախարարին ներկայացուց հայկական համայնքին խնդիրները, ցաւով նշելով հայոց լեզուի նահանջին եւ համայնքի նօսրացման մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան տեղափոխուիլ ուզող իրաքահայերուն աջակցելու, անոնց կեցութեան, աշխատանքի տեղաւորման, ուսման խնդիրները կարգաւորելու հարցին:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպական հարցեր, նախանշուեցան տարուելիք աշխատանքները: