02 Mart 2017
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի զօրակցութիւնն ու 15 յուլիսին յեղաշրջումի ձախող փորձին ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին կողքին կանգնիլը պիտի չմոռնանք»:
«Իրանն ու Թուրքիան բազմաթիւ հարցերու մէջ հասարակաց ու նոյնանման տեսակէտներ ունին, եւ երկու երկիրները կարիքը ունին յաւելեալ խորհրդակցութեան ու երկխօսութեան` ամրապնդելու համար յարաբերութիւնները եւ որեւէ սխալ հասկացողութիւն կանխարգիլելու համար», աւելցուց ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բազմաթիւ հասարակաց գիծեր կան, եւ իրանցի ու թուրք ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը նպաստեց եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացման»:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Հասան Ռուհանի երէկ Պոլսոյ մէջ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին Իրանի նախագահը յայտնեց, թէ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը ի շահ շրջանի կայունութեան է` նշելով, որ իր երկիրը շեշտը կը դնէ շրջանի երկիրներու հողային ամբողջականութեան վրայ եւ կը մերժէ անոր ոտնահարումը, մասնաւորաբար Իրաքի եւ Սուրիոյ պարագային:
Ան ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շրջանի հարցերու դիմակայման համար հիմնական պայման մըն է, որովհետեւ «ահաբեկչութիւնը իսլամութեան, շրջանի եւ մարդկութեան թշնամին է»:
Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ համագործակցութիւնը կարեւոր է շրջանի հարցերուն լուծման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար: