27 Şubat 2017
Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանոս Գամենոսը թուրքերու մասին ըսած է, որ «անոնց ոտքը պիտի չմտնէ յունական կղզիներ», իսկ Թուրքիան պատասխան պիտի ստանայ նոր սադրանքներու պարագային:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Sky հեռատեսիլի ալիքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան մեկնաբանած է Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը, թէ թուրքերը «եթէ ուզէին բարձրանալ Իմիայի գագաթ, կը բարձրանային»:
«Այդպէս բան պիտի չըլլայ, որ անոնց ոտքը դպչի յունական կղզիներուն: Մենք պիտի խանգարենք ատիկա: Եթէ անոնք մտնեն, պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս պիտի փախչին այնտեղէն»:
Անոր խօսքով` Յունաստանի ներկայ կառավարքւթիւնը զգալիօրէն կը տարբերի 1996-ի կառավարութենէն, եւ անոնք չեն նահանջեր:
Յունաստանը չի պատասխաներ բանաւոր մարտակոչերուն, սակայն կառավարութիւնը չի նահանջեր ազգային ինքնիշխանութեան հարցերու մէջ, յայտարարած է Գամենոս: