27 Şubat 2017
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Յունաստանը զգուշացուցած է Թուրքիոյ համբերութիւնը փորձելէ եւ իր յոյն պաշտօնակից Նիքոս Քոցիասը կոչած է «շփացած մանուկ» մը, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ վերջերս յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ վերջինիս յայտարարութիւնները «գրգռիչ» որակած է:
«Ուժի ցուցադրութեան կարիքը չունինք: Անոնք լաւ գիտեն, թէ երբ պէտք ըլլայ, թուրք զինուոր մը ի՛նչ կրնայ ընել: Կառավարութիւնը լաւ գիտէ: Թող այդ մասին ըսեն մասնաւորաբար շփացած մանուկին: Մեր համբերութիւնը պէտք չէ փորձեն», ըսած է ան, ըստ «Ազդակ» օրաթերթին:
Քոցիաս քննադատած էր թուրք բարձրագոյն ղեկավարութեան վիճելի Իմիա կղզեակ այցելութիւնը: Թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար 29 Յունուարին բանակային բարձրաստիճան սպաներու ընկերակցութեամբ այցելած էր նշեալ կղզին: Երկու երկիրները 1996-ին նշեալ կղզեակին պատճառով պատերազմի եզրին կանգնած էին:
Անդրադառնալով Աթէնքի` Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորները արտայանձնել մերժելուն, ան ըսած է, որ ատիկա բարի դրացնութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու համահունչ չէ: «Դժբախտաբար այդ կեցուածքը մեզի համար անակնկալ չէ: ՔԱԿ-ի ղեկավարը (Ապտուլլա Օճալան, «Ա.») եւս, որ ներկայիս բանտարկուած է, Յունաստանի կողմէ թաքնուած էր», ըսած է Չաւուշօղլու: