27 Şubat 2017
ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ՝ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները իրականացուցած են բողոքի ցոյց մը:
168.am-ի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ ցոյցի մասնակիցները վանկարկած են «դադրեցուցէ՛ք Ալիեւը», «դադրեցուցէ՛ք ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Ատրպէյճանին»:
Դիմացի մայթին հաւաքուած են ատրպէյճանցիներ: Հայկական կողմը յայտարարած է, որ Արցախը Հայաստանինն է, հայկական է, իսկ ատրպէյճանցիները` հակառակը։