27 Şubat 2017
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նոր հակառուսական ցոյցեր տեղի ունեցած են` մասնակցութեամբ թաթար բնակչութեան:
Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցած է Խրիմի Ռուսիոյ կցման եռամեակին առիթով:
Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն Անգարա հասած տասնեակ հազարաւոր թաթարներն ու անոնց համախոհները դարձեալ դէմ արտայայտուած են Խրիմի` Ռուսիոյ կազմին միացման եւ սեւ ծաղկեպսակներ ձգած Ռուսիոյ դեսպանատան դռներուն առջեւ` ի նշած Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ վարած քաղաքականութեան: