27 Şubat 2017
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Յունաստանը զգուշացուց Թուրքիոյ համբերութիւնը փորձելէ եւ իր յոյն պաշտօնակից Նիքոս Քոցիասը կոչեց «շփացած մանուկ» մը, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ վերջերս յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ վերջինիս յայտարարութիւնները «գրգռիչ» որակեց:
«Ուժի ցուցադրութեան կարիքը չունինք: Անոնք լաւ գիտեն, թէ երբ պէտք ըլլայ, թուրք զինուոր մը ի՛նչ կրնայ ընել: Կառավարութիւնը լաւ գիտէ: Թող այդ մասին ըսեն մասնաւորաբար շփացած մանուկին: Մեր համբերութիւնը պէտք չէ փորձեն», ըսաւ ան:
Քոցիաս թուրք բարձրագոյն ղեկավարութեան վիճելի Իմիա կղզեակ այցելութիւնը քննադատած էր: Թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար 29 յունուարին բանակային բարձրաստիճան սպաներու ընկերակցութեամբ այցելած էր նշեալ կղզին: Երկու երկիրները 1996-ին նշեալ կղզեակին պատճառով պատերազմի եզրին կանգնած էին:
Անդրադառնալով Աթէնքի` Թուրքիոյ մէջ յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորները արտայանձնել մերժելուն, ան ըսաւ. որ ատիկա բարի դրացնութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւններու համահունչ չէ: «Դժբախտաբար այդ կեցուածքը մեզի համար անակնկալ չէ: ՔԱԿ-ի ղեկավարը (Ապտուլլա Օճալան, «Ա.») եւս, որ ներկայիս բանտարկուած է, Յունաստանի կողմէ թաքնուած էր», ըսաւ Չաւուշօղլու: