Թուրքիոյ Յիշողութիւնը Տկար Է, Եւ Ան Ապերախտ Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

27 Şubat 2017  

Թուրքիոյ Յիշողութիւնը Տկար Է, Եւ Ան Ապերախտ Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ -

Թուրքիոյ Յիշողութիւնը Տկար Է, Եւ Ան Ապերախտ Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ Թուրքիոյ Յիշողութիւնը Տկար Է, Եւ Ան Ապերախտ Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «Իրան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց «թրքական կառավարութեան` վերջին շրջանին իսլամական հանրապետութեան դէմ կատարած անպատասխանատու յայտարարութիւնները»:

Երէկ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ Զարիֆ ըսաւ, որ Թուրքիան «յիշողութիւնը տկար եւ ապերախտ դրացի մըն է», եւ ակնարկելով Իրանի դէմ թրքական վերջին յայտարարութիւններուն, աւելցուց. «Մենք կը խղճանք այդ երկրին կառավարութեան վրայ, եւ կը թուի, թէ մեր բարեկամներուն յիշողութիւնը տկար է»:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Իրան շրջանին բարիքն ու կայունացումը կ՛ուզէ եւ երբեք չէ փորձած անցեալին անոնց կատարածին համար վրէժ լուծել անոնցմէ»:

Զարիֆ, անդրադառնալով Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերով միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն Իրանի ուղղուած քննադատութիւններուն, յայտնեց. «Գետնի վրայ ազդեցիկ այդ երկիրներուն ջանքերը ձախողեցան, եւ անոնք մութ փապուղի մուտք գործեցին»: Ան աւելցուց, որ նշեալ երկիրները բաղդատմամբ Իրանի տկար են:

Զարիֆ նաեւ յայտնեց, որ այն պարագային, երբ Իրան կը փորձէ ճամբաներ փնտռել շրջանային խնդիրները լուծելու համար, Թուրքիան կը խառնէ խաղաքարտերը:

«Իրան» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին Զարիֆ շեշտեց, որ Թուրքիան կարծես մոռցած է, որ 15 յուլիս 2016-ի գիշերը, երբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ զինուորական յեղաշրջումի փորձ, Իրանի մէջ նոյնպէս «չքնացան մինչեւ առաւօտ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+