«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Մեր Պատերազմը Նկատի Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ Հետ Դաշնակցութեան Շարունակումը» Ըսաւ Զօր. Տանֆըրտ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

25 Şubat 2017  

«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Մեր Պատերազմը Նկատի Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ Հետ Դաշնակցութեան Շարունակումը» Ըսաւ Զօր. Տանֆըրտ -

«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Մեր Պատերազմը Նկատի Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ Հետ Դաշնակցութեան Շարունակումը» Ըսաւ Զօր. Տանֆըրտ «ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Մեր Պատերազմը Նկատի Պիտի Ունենայ Թուրքիոյ Հետ Դաշնակցութեան Շարունակումը» Ըսաւ Զօր. Տանֆըրտ

Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտերու պետերու միացեալ կոմիտէի ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պատերազմը արագացնելու վերաբերեալ մեր ներկայացնելիք ընտրանքներուն մէջ նկատի առնուած է Թուրքիոյ հետ ամուր դաշնակցութեան շարունակումը»:

Տանֆըրտ Ուաշինկթընի մէջ հետազօտութեան հիմնարկներէն մէկուն կազմակերպած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ Փենթակոնի վերոնշեալ ծրագիրի նախագիծը պիտի հրապարակուի երկուշաբթի օր` աւելցնելով, որ ծրագիրը կը շրջանցէ Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանը` ներառելով այն վտանգը, որ ծայրայեղականները կը ներկայացնեն աշխարհի տարածքին: «Հարցը չի վերաբերիր Սուրիոյ եւ Իրաքի, այլ` այն վտանգին, որ կը շրջանցէ շրջանի սահմանը», ըսաւ ան` մատնանշելով Քայիտայի նման այլ ծայրայեղական խմբաւորումներ:

«Որպէսզի մեր ծրագիրը յաջողի, նախ եւ առաջ պէտք է խզենք այն կապը, որ իրարու կը միացնէ շրջանային խմբաւորումները, որոնք ներկայիս համաշխարհային վտանգ կը ներկայացնեն», յայտնեց Տանֆըրտ:

Միւս կողմէ, Եւրոպայի մէջ քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն կուսակցութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի ղեկավար Իպրահիմ Իպրահիմ յայտնեց, որ հանրապետական ծերակուտական Ճոն Մքինալիի հիւսիսային Սուրիա այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշինքի ծիրին մէջ է` նշելով, որ գոյութիւն ունի քրտական ղեկավարութեամբ այդ ուժերուն ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու ծրագիր մը, «որ պիտի քննարկենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ»:

Իպրահիմ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ հետազօտական բնոյթի այցելութեան ընթացքին քննարկուած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի փուլերն ու Ռաքքայի ազատագրման արագացման քայլերը: Ան շեշտեց, որ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացած են, եւ ծերակուտականին փոխանցուած է Թել Ապիատի եւ Աֆրինի ռմբակոծման ճամբով Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն պատկերացումը:

Մինչ այդ, թրքական «Հապերլեր» կայքը հաղորդեց, որ Պապի շրջանին մէջ դարձեալ 2 թուրք զինուորներ սպաննուած են:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+