Հայաստանի Մէջ Արեւային Վահանակներ Պիտի Արտադրուին - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

25 Şubat 2017  

Հայաստանի Մէջ Արեւային Վահանակներ Պիտի Արտադրուին -

Հայաստանի Մէջ Արեւային Վահանակներ Պիտի Արտադրուին Հայաստանի Մէջ Արեւային Վահանակներ Պիտի Արտադրուին

Հայաստանի մէջ շուտով պիտի արտադրուին առաջին արեւային վահանակները: Այդ նպատակով պիտի ստեղծուի արտադրական ձեռնարկութիւն, որ եզակի պիտի ըլլայ մեր տարածաշրջանին մէջ,- այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

ՀՀ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեանի փոխանցմամբ, արեւային վահանակներու արտադրութեան Հայաստանի մէջ պիտի սկսին արդէն այս տարուան երկրորդ եռամսեակին: Այդ նպատակով առաջին փուլին պիտի իրականացուի շուրջ 315 միլիոն դրամի ներդրում, որուն ծիրէն ներս պիտի ստեղծուի աւելի քան 50 աշխատատեղ:

Ընկերութիւնը մտադիր է սկզբնական շրջանին արեւային վահանակներ մատակարարել ներքին շուկային: Յաջորդ փուլերուն ատոնք պիտի արտահանուին նաեւ տարածաշրջանային եւ այլ երկիրներ:

Նախարարութենէն կը յիշեցնեն, որ արեւային վահանակներու արտադրութեան նպատակով, Փետրուար 23-ին կայացած նիստի ընթացքին կառավարութիւնը որոշեց «Պրոֆպանել» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը իրականացուող ներդրումային ծրագրի ծիրէն ներս ազատել մաքսատուրքէ` ներմուծուող սարքաւորումներու, ատոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներմուծման համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+