Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի. Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած Ռաքքայի Ազատագրման Գործողութեան Միաց - Հայերէն
25 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ցրօն / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

21 Şubat 2017  

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի. Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած Ռաքքայի Ազատագրման Գործողութեան Միաց -

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի. Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած Ռաքքայի Ազատագրման Գործողութեան Միաց Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի. Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնութիւն Չեն Գոյացուցած Ռաքքայի Ազատագրման Գործողութեան Միացեալ Ծրագիրի Մը Շուրջ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի թղթակից Ապտուլքատիր Սելվին կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտներու ղեկավարներու միացեալ կոմիտէի ղեկավար Ճոզըֆ Տանֆըրտի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի` վերջերս թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յստակ համաձայնութիւն մը չէ գոյացած սուրիական Ռաքքա քաղաքին մէջ իրականացուելիք զինուորական գործողութեան միացեալ ծրագիրի շուրջ:

Լրագրողը կը պնդէ, որ հանդիպումին ընթացքին Տանֆըրտ առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն վայելող քրտական ուժերը, մասնակցելով ՏԱՀԵՇ-էն Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան, Միջազգային դաշինքի ուժերուն միանան հարաւային կողմէն, իսկ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն վայելող Սուրիական ազատ բանակի զինեալները` հիւսիսէն, ասոր իբրեւ հետեւանք կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ վերջիններուս միջեւ անցանկալի բախումէն:

Մինչդեռ թրքական կողմը, ըստ պնդումներուն, չէ հրաժարած քիւրտերը Ռաքքայի գործողութենէն դուրս մղելու իր մտադրութենէն:

Նախապէս Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք շեշտած էր, որ Թուրքիան խիստ մտահոգուած է Ռաքքայի ազատագրման հարցին մէջ «սխալ դերակատարներու» ընտրութեան խնդիրով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+