21 Şubat 2017
Թրքական «Հապերլեր» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերու խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ: Հանդիպումի օրակարգին վրայ եղած է ամերիկաբնակ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը Թուրքիոյ արտայանձնելու հարցը:
Եըլտըրըմ յայտնած է, որ հարցը լրջօրէն պիտի ուսումնասիրուի իրաւական տեսանկիւնէ, որպէսզի անիկա համապատասխանէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրներուն:
«Ասիկա մեզի համար նոր իրավիճակ է: Ահաբեկիչ Կիւլենը արտայանձնելու վերաբերեալ ներկայ վարչակազմին կեցուածքը նախորդ վարչակազմէն տարբեր է: Նախորդ վարչակազմը կ՛ըսէր. «Հարցը դատարանի գործն է» եւ այդպիսով կը փակէր նիւթը», ըսած է ան:
Եըլտըրըմ նաեւ յայտնած է, որ այնքան ատեն, որ այս հարցը լուծում չէ ստացած, Միացեալ Նահանգներուն նկատմամբ Թուրքիոյ վերաբերմունքը պիտի չփոխուի, իսկ այդ վերաբերմունքը դրական հունով տանելու համար շատ կարեւոր քայլ պէտք է կատարել:
Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ նշեց. «Արծարծեցինք ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարին Ամերիկայի մասնակցութիւնը` առանց ահաբեկչական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն աջակցելու, եւ կը կարծեմ հարցը նկատի պիտի ունենան»: