Թուրքիոյ Նկատմամբ Համբերութիւն Պիտի Ցուցաբերենք, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Սահման Ունի» Կ՛ըսէ Քասեմի - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

21 Şubat 2017  

Թուրքիոյ Նկատմամբ Համբերութիւն Պիտի Ցուցաբերենք, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Սահման Ունի» Կ՛ըսէ Քասեմի -

Թուրքիոյ Նկատմամբ Համբերութիւն Պիտի Ցուցաբերենք, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Սահման Ունի» Կ՛ըսէ Քասեմի Թուրքիոյ Նկատմամբ Համբերութիւն Պիտի Ցուցաբերենք, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Սահման Ունի» Կ՛ըսէ Քասեմի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարեց, որ «Թուրքիոյ նկատմամբ համբերութիւն պիտի ցուցաբերենք, սակայն մեր համբերութիւնը սահման ունի», եւ «կ՛ակնկալենք, որ թուրք պաշտօնատարները աւելի իմաստուն կերպով խօսին Իրանի մասին»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերու խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութիւնը նկատած էր «կայունութիւնը քայքայող» եւ Թեհրանին կոչ ուղղած էր «շրջանին մէջ այդպիսի գործունէութիւններուն վերջ տալու»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ, որ Թուրքիան Իրանի «կարեւոր» դրացիներէն մէկն է` յիշեցնելով, որ Թեհրան «յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք անոնց (թուրքերուն, «Ա.») շարք մը օգնութիւններ կատարեց, եւ թուրք պաշտօնատարներէն կ՛ակնկալենք, որ աւելի իմաստուն կերպով խօսին Իրանի մասին»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ իրանեան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթավերջին պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա` քննարկելու համար յառաջիկայ տարեկան իսլամական ուխտագնացութեան պայմանները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+