21 Şubat 2017
Մարսէյլի մէջ Փետրուար 18-ին մեծ բազմութիւն հաւաքուած էր Միսաք Մանուշեանի յուշարձանին մօտ. Կը լրանայ նացիստներու կողմէ Մանուշեանի խումբին մահապատժի ենթարկելու 73-րդ տարելիցը:
Nouvelles d’Arménie-ի հաղորդմամբ, հայկական քանի մը կազմակերպութիւններու աւելի քան 500 անդամներ հաւաքուած էին յարգանքի տուրք մատուցելու «Կարմիր պաստառ»-ի մարտիկներուն:
Հնչած են ելոյթներ: Բոլորն ալ ընդգծած են, որ անհրաժեշտ է Մանուշեանի եւ անոր ընկերներու աճիւնները տեղափոխել Ֆրանսական պանթէոն: Վերջերս պղծուած էր Միսաք Մանուշեանի յուշարձանը, ինչ որ վրդովմունք յառաջացուցած է հայկական կազմակերպութիւններուն, բազմաթիւ պատգամաւորներու:
Միսաք Մանուշեան ծնած է 1906 թուականին Արեւմտեան Հայաստանի Ադիեաման հայկական գիւղին մէջ: 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ զրկուելով ծնողքէն, յայտնուած է Սուրիոյ ֆրանսական մանկատան մէջ, ուր եւ սորված է ֆրանսերէն եւ ծանօթացած ֆրանսական մշակոյթին: 1925 թուականին տեղափոխուելով Ֆրանսա, ան աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է` հայերը իր շուրջը համախմբելով, գրական ամսագիրներ հրատարակելով, անմասն չմնալով նաեւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն:Նացիստական զօրքերու կողմէ Ֆրանսայի բռնազաւթումէն ետք Մանուշեան ստեղծած է Ֆրանսական դիմադրութեան շարժման միջազգային խումբ, սակայն զայն իր խումբին հետ միասին ձերբակալած են 1943 թուականին եւ երեք ամիս անց գնդակահարած: