20 Şubat 2017
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս նշեց. «Ուաշինկթըն որեւէ ձեւով պիտի չճանչնայ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ հարաւը գտնուող Խրիմի թերակղզիին բռնագրաւումը»:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ` նշելով, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջական զինադադարի համաձայնութիւն մը գոյացնել:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Ուքրանիոյ անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ իր ապագան ինք ճշդելու իրաւունքին