Սելինա Տողան Թուրքիոյ Մէջ Արուեստագէտներու Հալածանքը Դադրեցնելու Կոչ Կ՛ընէ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

16 Şubat 2017  

Սելինա Տողան Թուրքիոյ Մէջ Արուեստագէտներու Հալածանքը Դադրեցնելու Կոչ Կ՛ընէ -

Սելինա Տողան Թուրքիոյ Մէջ Արուեստագէտներու Հալածանքը Դադրեցնելու Կոչ Կ՛ընէ Սելինա Տողան Թուրքիոյ Մէջ Արուեստագէտներու Հալածանքը Դադրեցնելու Կոչ Կ՛ընէ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխաններէն Սելինա Տողան, Փետրուար 14ին ելոյթ ունեցաւ խորհրդարանին մէջ ու պահանջեց, որ ջնջուի արուեստի ու մշակոյթի արտադրութիւններուն վրայ դրուած տուրքը։ Վերջերս խորհրդարանը ընդունած էր որոշում մը, որ կը ջնջէր զանազան գոհարեղէններու ու զբօսանաւերու վրայ դրուած տուրքերը։ Ան յիշեցնելով այս կէտը՝ պահանջեց, որ նմանօրինակ պաշտպանութեան տակ առնուին նաեւ արուեստի ու մշակոյթի գործերը։

Տողան նաեւ անդրադարձաւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեանց տեղեկագիրներու, որոնք ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա առաջին կարգի վրայ կու գայ այն երկիրներու ցանկին մէջ, ուր արուեստագէտներու նկատմամբ լուրջ անիրաւութիւններ կը կատարուին ու ճնշումներ կը բանեցուին։ «Որպէսզի Թուրքիա դուրս գայ այդ սեւ ցանկէն, պայման է, որ կառավարութիւնը վերցնէ արուեստագէտներու վրայ գործուած ճնշումները, ջնջէ նաեւ այն տուրքերը, որոնք դրուած են արուեստի ու մշակոյթի արտադրութիւններու վրայ», ըսաւ ան։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+