Գերմանական Ոստիկանութիւնը Խուզարկած Է Թուրքիոյ Հաշուոյն Լրտեսութեամբ Ամբաստանուած Իմամներու Տուները - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

16 Şubat 2017  

Գերմանական Ոստիկանութիւնը Խուզարկած Է Թուրքիոյ Հաշուոյն Լրտեսութեամբ Ամբաստանուած Իմամներու Տուները -

Գերմանական Ոստիկանութիւնը Խուզարկած Է Թուրքիոյ Հաշուոյն Լրտեսութեամբ Ամբաստանուած Իմամներու Տուները Գերմանական Ոստիկանութիւնը Խուզարկած Է Թուրքիոյ Հաշուոյն Լրտեսութեամբ Ամբաստանուած Իմամներու Տուները

Գերմանական ոստիկանութիւնը խուզարկեց տուները չորս իմամներու, որոնք ամբաստանուած են Թուրքիոյ հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով:

Չորս իմամները ամբաստանուած են իսլամ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետեւորդները լրտեսելու յանցանքով: Գերմանական «Շփիկըլ» կայքը կը հաղորդէ, որ նշեալ իմամները կը պատկանին կրօնական հարցերու թուրք իսլամական միութեան, որ Գերմանիոյ թուրք համայնքի մեծագոյն կազմակերպութիւնն է, ուղղակիօրէն կապուած է Անգարայի եւ կը վերահսկէ Գերմանիոյ մէջ 900 մզկիթներու կամ կրօնական խմբաւորումներու աշխատանքին:

Գերմանական իշխանութիւնները կը կարծեն, որ նշեալ չորս իմամները իրենց լրտեսական գործունէութեան սկսած են ստանալէ ետք ուղղակիօրէն Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակին կապուած կրօնական հարցերու բաժանմունքէն 20 սեպտեմբեր թուակիր ցուցմունքը, որուն մէջ Կիւլենը ամբաստանուած է Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջում փորձած ըլլալու յանցանքով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+