16 Şubat 2017
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ 21-22 փետրուարին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով Մոսկուա պիտի այցելէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Բանակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի շարք մը արտաքին քաղաքական նիւթերու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցի քննարկում:
«Այցելութիւնը պիտի դառնայ հայ-ռուսական յագեցած երկխօսութեան շարունակութիւնը` ուղղուած քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ դաշնակցային համագործակցութեան հետագայ զարգացման: Բանակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել շարք մը արտաքին քաղաքական արդի նիւթեր, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի ընդհանուր համարկման միութիւններու եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան խնդիրին», յայտարարած է Զախարովա:
Ան նշած է, որ 17-19 փետրուարին տեղի ունենալիք Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ եւ մօտ օրերս Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմ հանդիպումին մասին տեղեկութեան չի տիրապետեր:
«Տեղեկութիւն այն մասին, որ մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Ռուսիա-Ազրպէյճան-Հայաստան եռակողմ հանդիպում, ես չունիմ», ըսած է Զախարովա` աւելցնելով, որ տեղեկատուութիւն ստանալու պարագային պիտի հաղորդէ զայն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին համաձայն, շուտով տեղի պիտի ունենան նաեւ ազրպէյճանական կողմի հետ հաղորդակցութիւններ` համապատասխան մակարդակի վրայ: