Թրամփ Կ՛ակնկալէ, Որ Ռուսիան Խրիմը Վերադարձնէ Ուքրանիոյ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

16 Şubat 2017  

Թրամփ Կ՛ակնկալէ, Որ Ռուսիան Խրիմը Վերադարձնէ Ուքրանիոյ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը -

Թրամփ Կ՛ակնկալէ, Որ Ռուսիան Խրիմը Վերադարձնէ Ուքրանիոյ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը Թրամփ Կ՛ակնկալէ, Որ Ռուսիան Խրիմը Վերադարձնէ Ուքրանիոյ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Սպիտակ տան բանբեր Շան Սփայսըր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՛ակնկալէ, որ Խրիմը դարձեալ յայտնուի Ուքրանիոյ կազմին մէջ:

«Նախագահ Թրամփ շատ յստակ հասկցուցած է, թէ Ռուսիոյ կառավարութենէն կը սպասէ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի կայունացում եւ Խրիմի վերադարձ», ըսած է Սփայսըր` մեկնաբանելով Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Մայքըլ Ֆլինի պաշտօնէն հեռացումը, որուն պատճառը եղած է Ռուսիոյ դեսպանին հետ անոր ունեցած կապը:

Սփայսըր ընդգծեց, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու Ուաշինկթընի ռազմավարութիւնը կը մնայ հաստատ:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մանուշին իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով. «Պատժամիջոցներու ծրագիրը, որ ներկայիս կը կիրարկուի, պիտի մնայ ի զօրու, որովհետեւ պատժամիջոցները կարեւոր մեքանիզմ մըն են, եւ մենք կը շարունակենք զայն նկատի ունենալ տարբեր երկիրներու դէմ կիրարկելու համար»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց. «Խրիմը Ուքրանիոյ վերադարձնելու հարցը ամբողջովին բացառուած է»: «Ռուսիան իր հողերու որեւէ մէկ մասէն պիտի չհրաժարի», նշեց ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+