15 Şubat 2017
Միջազգային հանրութիւնը պէտք է տեղեկացուած ըլլայ 2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճանի իրականացուցած յանցագործութիւններուն մասին: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին՝ յայտարարած է ԼՂՀ նախագահի խորհրդական Էմիլ Բաբայեան:
Անոր խօսքով` առայժմ միջազգային օրէնսդրութեան խնդիրներուն պատճառով ղարաբաղեան կողմը չէ կրցած իր տրամադրութեան տակ գտնուող ապացոյցները ուղղակի ներկայացնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) եւ միջազգային այլ ատեաններ:
«Սակայն վստահ եմ, որ ճշմարտութիւնը իմանալը կը բխի ՄԻԵԴ-ի եւ միջազգային հանրութեան շահերէն»,- ընդգծած է Բաբայեանը` աւելցնելով, որ մարդու իրաւունքներու խախտման իւրաքանչիւր դէպքի մասին բոլոր նիւթերն ու փաստաթուղթերը կը պահպանուին ԼՂՀ-ի մէջ:
ԼՂՀ նախագահի խորհրդականը նշած է, որ ղարաբաղեան կողմը կը փնտռէ փաստերը ներկայացնելու ուղիներ: