15 Şubat 2017
Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Ազա Կուլիեւը անհրաժեշտ կը համարէ բողոքի գիր յղել պաշտօնական Փարիզին` կապուած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի վերջին յայտարարութիւններուն հետ:
Ըստ Aparaj.am-ի՝ Կուլիեւը յայտարարած է, որ հայկական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին, Օլանտ իր աջակցութիւնը յայտնած է ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին:
«Ատիկա հայամէտ քաղաքականութեան ակնյայտ աջակցութիւն է»,- յայտարարած է Կուլիեւը` կոչ ընելով Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ին բողոքի գիր յղելու Ֆրանսային:
Վերջինս յայտարարած է, թէ նման յայտարարութիւնները կը հակասեն այն խաղաղարար առաքելութեան, որ կ՝իրականացնէ Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ:
Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է փաստին, որ նոյն Ֆրանսայի ներկայացուցիչներն են, որ ամէնաշատը անօրինական կերպով կ՝այցելեն «Հայաստանի կողմէն գրաւուած Ատրպէյճանի տարածքներ»:
Ֆրանսուա Օլանտը Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ճաշկերոյթին ժամանակ՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ յայտարարած էր,- «Մենք պէտք է անդրադառնանք հակամարտութեան կարգաւորման տարրերուն, որոնք արձանագրուած են Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ:
«Մենք գիտենք նաեւ, որ երբ վերջիններս կիրառուին, անոնք պէտք է հիմնուին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման վրայ, ուստի այս ճանապարհով առաջ շարժելու համար՝ Ֆրանսան նոր հանդիպում պիի կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ»: