Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Պիտի Ըլլայ Ասթանայի Ժողովի Գլխաւոր Նիւթը» Կ՛ըսէ Պոկտանով - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

15 Şubat 2017  

Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Պիտի Ըլլայ Ասթանայի Ժողովի Գլխաւոր Նիւթը» Կ՛ըսէ Պոկտանով -

Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Պիտի Ըլլայ Ասթանայի Ժողովի Գլխաւոր Նիւթը» Կ՛ըսէ Պոկտանով Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Պիտի Ըլլայ Ասթանայի Ժողովի Գլխաւոր Նիւթը» Կ՛ըսէ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարը պիտի ըլլայ Ասթանայի մէջ 15-16 փետրուարին նախատեսուած բանակցութիւններուն գլխաւոր նիւթը:

Պոկտանով յայտարարեց, որ Ասթանայի ժողովի մասնակից ռուսական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Յորդանանի ներկայացուցիչները Ասթանայի մէջ յառաջիկայ բանակցութիւններուն երաշխաւոր կողմը պիտի ըլլան:

Մինչ Պոկտանով չբացառեց Ժընեւի բանակցութիւններէն առաջ նախարարական ժողովի մը գումարումը, ան նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կրնայ Գերմանիոյ մէջ հանդիպում ունենալ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ռեքս Թիլիրսընի հետ եւ անոր հետ քննարկել Սուրիոյ տագնապն ու այլ հարցեր:

Պոկտանով նշեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա 20 փետրուարին Ժընեւի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններու մասնակցութեան հրաւէրները չէ յղած:

Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Ասթանայի յաջորդ ժողովին պիտի մասնակցին նախորդ ժողովին մասնակցած բոլոր կողմերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+