15 Şubat 2017
Տեառնընդառաջի տօնը հայ ժողովուրդին ու մանաւանդ հայ ծնողներուն կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ: Մեր ծնողները Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով իրենց մանուկները կը բերեն ընծայելու Աստուծոյ Ս. խորանին:
Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան: Ապա լուսարարապետ սրբազանը խորանէն բերելով Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին զայն բաշխեց ներկայ հաւատացեալներուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս պահպանիչով օրհնեց ներկայ հոծ բազմութիւնը եւ իր պատգամը ուղղեց անոր` անդրադառնալով Տեառնընդառաջի հոգեւոր իմաստին եւ անոր քրիստոնէական եւ ազգային կարեւորութեան: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն ըսաւ. «Եկած էք ձեր զաւակները ընծայելու Աստուծոյ: Սա ի՛նչ հոգեպարար երեւոյթ է: Երբ ձեր տուները կը վերադառնաք, պէտք է շարունակէք եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ընծայման ընթացքը, ձեր զաւակները դաստիարակելով, մեծցնելով մեր եկեղեցւոյ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով, որոնք մեզի եկած են Աստուածաշունչէն, եւ դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդի զաւակները այդ արժէքներով է, որ իրենց կեանքը առաջնորդած են»:
Ապա, խօսելով քրիստոնէական դաստիարակութեան հայ ընտանիքներուն մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին, վեհափառ հայրապետը շեշտեց. «Հայ ընտանիքը ամէն բանէ առաջ եկեղեցի է: Հայ ընտանիքը երկու հոգիէ կազմուած տուն չէ՛, ուր մարդիկ կ՛ապրին: Ընտանիքը Աստուծոյ տունն է, փոքր եկեղեցի է: Այս գիտակցութեամբ պէտք է ապրի հայ ընտանիքը` իր կեանքին մէջ միշտ վառ պահելով քրիստոնէական արժէքներն ու սկզբունքները եւ այդ մթնոլորտին մէջ դաստիարակելով իր զաւակները»:
Վեհափառ հայրապետի պատգամէն ետք, հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ծնողներ Մանուկ Յիսուսի ընտանիքին օրինակին հետեւելով իրենց զաւակները հերթաբար մօտեցուցին Ս. խորանին, եւ միաբան հայրեր մանուկները խորան բարձրացնելով ընծայեցին Աստուծոյ: Ապա մանուկները արժանացան վեհափառ հայրապետի օրհնութեան:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, հանդիսաւոր թափօրը առաջնորդուեցաւ մայրավանքի շրջափակը, ուր Ս. սեղանէն բերուած լոյսով վեհափառ հայրապետին ձեռամբ վառուեցաւ Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Դպրեվանեցիներ հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը, որմէ ետք հաւատացեալներ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմէն իրենց ճրագները վառած` վերադարձան իրենց տուները: