13 Şubat 2017
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխի առկայութիւնը «Մոսկուայի եւ Երեւանի գործն է, բայց Պաքու հաշուի կ՛առնէ անոր գոյութիւնը»:
Մամետեարով յիշեցուցած է, որ ռուսական խարիսխը Հայաստանի մէջ եղած է խորհրդային օրերէն: «Զինուորական այդ խարիսխը երկար ժամանակէ ի վեր հոն է, եւ զօրքերու բաւական ուժեղ խմբաւորում մը կը գտնուի հոն, որովհետեւ անիկա ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ է: Մենք պէտք է մեր աչքերը բաց պահենք` հաշուի առնելով նման խարիսխի մը մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները», ընդգծած է նախարարը:
Մամետեարով նաեւ յայտարարած է, որ Արցախի հարցով ներկայ իրավիճակը չի բաւարարեր որեւէ մէկը` «բացի, հաւանաբար, հայկական կողմէն»:
«Իբրեւ նախարար, իմ պաշտօնավարութեանս ժամանակ քանի մը անգամ բաւական մօտ եղած եմ այդ հարցին մէջ յառաջխաղացքի հաւանականութեան», ըսած է Մամետեարով: Ըստ անոր, անհրաժեշտ է աստիճանաբար «մաքրել սեղանը խնդիրներէ»:
Ան աւելցուցած է, որ Պաքու պատրաստ է մասնակցելու Մոսկուայի մէջ ծրագրուող` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նպատակով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, սակայն նշած է, թէ տակաւին յստակ թուականի մը շուրջ համաձայնութիւն չկայ: