13 Şubat 2017
Զուիցերիան իր հաստատակամ դիրքորոշումը արտայայտած է Արցախի հիմնահարցին վերաբերեալ` սատարելով անոր խաղաղ հանգուցալուծման գաղափարին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ մէջ դեսպան Լուքաս Կասեր: Անոր համաձայն, 1994-ին հաստատուած զինադուլի դրութիւնը պէտք է յարգուի:
«1996 եւ 2014 թուականներուն Զուիցերիան ստանձնած էր ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը: Այդ շրջանին մենք աշխուժ կերպով ներգրաւուած էինք Հայաստանի եւ դրացիներու յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը տակաւին չէ գտած իր հանգուցալուծումը: Խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է ստորագրուի, եւ ասիկա կը ներառէ մեծածաւալ դիւանագիտական գործունէութիւն, յատկապէս ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ: Պէտք է հասկնանք նաեւ, որ ամէն ինչ չէ, որ հրապարակաւ կը ծաւալի: Անհրաժեշտ է կայուն հանգուցալուծում գտնել տագնապին եւ խաղաղութիւն հաստատել: Իսկ եթէ Զուիցերիան որեւէ ձեւով կրնայ նպաստել, ապա մենք պատրաստ եւ ուրախ պիտի ըլլանք ձեռք երկարելու», ընդգծած է դեսպանը: