13 Şubat 2017
11 փետրուարի երեկոյեան ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ սպաննուած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերու պայմանագրային զինուոր Գաֆարով Ֆարհատ օղլուն:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքի հաղորդագրութեան համաձայն, զինուորը սպաննուած է «հայկական կողմին հետ հրաձգութեան ժամանակ»:
«Արցախփրես»-ի փոխանցումով, այսպիսով 2017-ի Ազրպէյճանի զինուած ուժերու առնուազն 6 սպաննուած զինուոր կայ, նաեւ մէկ գերի զինուոր: