13 Şubat 2017
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ղեկավար Սատի Կիւվեն յայտնած է, որ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցով հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 16 ապրիլին:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը այդ հարցին շուրջ շաբաթ օր խորհրդակցութիւն ունեցած է: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ ստորագրած էր կառավարման նախագահական համակարգին անցում նախատեսող սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը:
Ըստ օրէնքի, հանրաքուէի պատրաստման եւ նախընտրական քարոզարշաւին համար կը յատկացուի 60 օր: