12 Şubat 2017
Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայերուն յորդորելու իրենց քոնլրեսականներուն դատապարտել Աըրպէյճանի կողմէ Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ իրականացուած հայերու կոտորածները, կը տեղեկացնէ յանձնախումբի պաշտօնական կայքը:
Յանձնախումբը կը յորդորէ երթալ միանալ արշաւին եւ կոչ կ՛ընէ ծերակուտականներուն սենատորներուն ու Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն հանդէս գալու Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած կոտորածները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ու լարուածութեան աճը դատապարտող յայտարարութեամբ: