12 Şubat 2017
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստորագրած է խորհրդարանին կողմէ իրեն ուղարկուած սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը:
Նախագահի ստորագրութենէն ետք առաջարկը պիտի դրուի հանրաքուէի: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ 9 փետրուարին յայտնած էր, որ կը նախատեսուի հանրաքուէն կատարել 16 ապրիլին: