12 Şubat 2017
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուա մեծ ջանքեր կը թափէ Սուրիան միացեալ պահելու նպատակով Սուրիոյ կառավարութեան եւ քիւրտերուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնը դիւրացնելու համար:
Լաւրով ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին յայտնեց, որ յունիս-դեկտեմբեր 2016 ժամանակաշրջանին երկու կողմերուն միջեւ ռուսական միջնորդութեամբ ուղղակի կամ անուղղակի չորս բանակցութիւններ տեղի ունեցած են:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին Սուրիոյ կառավարութեան պատուիրակութիւնը քննարկումներ կատարած է Սուրիոյ քիւրտերու քաղաքական եւ հասարակական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ, ներառեալ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները:
Ան յայտնեց, որ երկու կողմերը բազմաթիւ կէտերու մէջ համակարծիք են, եւ վերջին շրջանին յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի եւ ատիկա լաւագոյն փաստն է, որ երկու կողմերը կարողութիւն ունին «փոխադարձ հասկացողութիւններու հասնելու»:
Միւս կողմէ, «Մայատին» կը հաղորդէ, որ ծայրայեղական իսլամներու դաշնակցութիւն եղող Թահրիր Շամ զինեալ խմբաւորումի զինուորական հրամանատար Հաշեմ Շէյխ 9 փետրուարին յայտարարած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ կառավարական բանակին դէմ «նոր ճակատամարտ» սկսելու մասին:
Շէյխ տեսերիզի մը ճամբով կոչ ուղղած է «բոլոր միջոցները ենթարկելու զօրաշարժի»:
Ժապհաթ Թահրիր Շամի մաս կազմած են Նուրետին Զենքի, Ժէյշ Սուննա, Ժապհաթ Անսարուտին եւ Լիուա Հաք զինեալ խմբաւորումներու այն զինեալները, որոնք դէմ են Սուրիոյ մէջ հաստատուած զինադադարին: Անոնք «դաւաճանութեան» մէջ մեղադրած են զինեալ ընդդիմութեան այն բոլոր խմբաւորումները, որոնք 23-24 յունուարին Ասթանայի մէջ մասնակցած են Սուրիոյ հարցով խորհրդաժողովին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի մէջ զինուորական փորձագէտները Ժապհաթ Թահրիր Շամի լոյս աշխարհ գալը գնահատած են իբրեւ Ժապհաթ Նուսրայի երկրորդ վերափոխումը, որ 2013-էն ի վեր կը նկատուի Քայիտայի սուրիական մասնաճիւղը: Անցեալ տարուան յուլիսին զինեալ խմբաւորման ղեկավար Ապու Մուհամետ Ժուլանի նախկին Ժապհաթ Նուսրա անունը փոխած էր Ժապհաթ Ֆաթհ Շամի եւ յայտնած Քայիտայէն անջատուելու մասին: