09 Şubat 2017
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան յայտնած է, որ պատրիարքի ընտրութիւն կազմակերպելու համար Սթամպուլի նահանգապետարան դիմում պիտի չներկայացնեն:
«Ակօս» շաբաթաթերթի տեղեկացմամբ` Արամ արքեպիսկոպոսը այդ որոշումը բացատրած է անով, որ պատրիարքի ընտրութիւններուն մասին տեղեակ պահուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ատոր համար ալ նահանգապետարան դիմելու կարիք այլեւս չկայ:
«Հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն նախագահ Էրտողանին հետ հանդիպման ժամանակ խօսած է այդ հարցին մասին: Քանի որ նախագահը տեղեակ է խնդրի մասին, նահանգապետարան պիտի չդիմենք»:
«Ակօս»-ի դիտարկմամբ` այսպիսով, պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը ընդհատուեցաւ եւ հետաձգուեցաւ հանրաքուէէն ետք:
Ermenihaber.am-ը կը նշէ, որ 2016-ի Հոկտեմբեր 26-ին պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդը եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի նախագահութեամբ նոր պատրիարք ընտրելու որոշում կայացուցած էր: Այդ առնչութեամբ Մաշալեան եւ Աթէշեան սրբազանները ընտրութիւնը կազմակերպելու համար նամակ պատրաստած էին Սթամպուլի նահանգապետարանին փոխանցելու նպատակով: Աթէշեան յայտնած էր, որ նամակը փոխանցելու համար նահանգապետարանէն ընդունելութեան կը սպասեն:
2017-ի Յունուար 17-ին հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն հանդիպած էր Էրտողանի հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուած էր նաեւ պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցը: Էրտողան յայտնած էր, որ այդ հարցով պիտի զբաղին սահամանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 16-ին: