09 Şubat 2017
Թուրքիոյ մէջ պոլսահայ ոսկերիչի սպանութեան գործով վերջնական վճիռը տրուած է: Թրքական «Sözcü» թերթի կայքին տեղեկացմամբ` Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւններով զբաղող դատարանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտած է Հայասատնի քաղաքացիներ Արթուր Այվազեանը, Արամ Յովհաննիսեանը եւ Սերկէյ Միքայէլեանը:
Վերջիններս կը մեղադրուին Սթամպուլի մէջ բնակող 85-ամեայ հայ ոսկերիչ Յակոբ Տէմիրճին դիտաւորեալ սպաննելուն եւ անոր տունը կողոպտելուն մէջ, ինչպէս նաեւ Յակոբ Տէմիրճիի կնոջ` Սեդա Այիտա Տէմիրճիի նկատմամբ «կանխամտածուած սպանութեան փորձ» կատարելուն մէջ:
Նոյն գործով մեղադրուող եւս 9 ՀՀ քաղաքացի կանայք արդարացուած են` բաւարար ապացոյցներու բացակայութեան պատճառով: Անոնցմէ 6-ը, որոնք աւելի առաջ ազատազրկուած չեն եղած, ներկայ գտնուած են վերջին դատական նիստին, իսկ միւս 3-ը նիստին չեն մասնակցած:
Յիշեցնենք, որ 2016-ի Փետրուար 6-ին Սթամպուլի հայաշատ Շիշլի թաղամասի Հարպիյէ Ճումհուրիյեթ պողոտային մէջ գտնուող իր բնակարանին մէջ սպաննուած էր Տէմիրջին, որ շուրջ 40 տարի աշխատած է իբրեւ ոսկերիչ: Կապելով Տէմիրճին եւ անոր կինը` 79-ամեայ Սեդա Այիդա Տէմիրճին, յանցագործները վերցուցած էին տան մէջ եղած թանկարժէք իրերը եւ հեռացած: Ոստիկանութիւնը եւ փրկարարները յաջողած են ժամանակին փրկել կնոջ կեանքը, սակայն տարեց տղամարդը խեղդամահ եղած էր: