09 Şubat 2017
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ այս շաբաթ պիտի ստորագրէ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը:
Ան յայտարարած է, որ պիտի զօրակցի սահմանադրական փոփոխութիւններուն` «յանուն ապահով ու անկախ Թուրքիոյ լուսաւոր ապագային»:
Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ երէկ իր կարգին յայտնեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 9 կամ 16 ապրիլին: