09 Şubat 2017
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր պաշտօնավարման առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախագահները խօսած են Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մասին, վերահաստատած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պատրաստակամութիւնը:
Թրամփ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին ՕԹԱՆ-ի դաշնակից եւ ռազմավարական գործընկեր Թուրքիոյ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարձր գնահատած է Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւնները: